Արցախի մէջ 2385 աշակերտեր պիտի դառան «առաջին դասարանցիներ»

Արցախի մէջ 2018-2019 ուսումնական տարին առաջին դասարան պիտի յաճախէ 2385 աշակերտ: Այս մասին «Արցախբրես»-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ սփորթի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Էրիկ Գրիգորեանը:
Ան նշած է, որ Արցախի հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ սփորթի նախարարութեան կողմէ առաջին դասարան յաճախող իւրաքանչիւր աշակերտի պիտի տրամադրուի 20.000 դրամ:
Ըստ թերթի զրուցակիցին՝ տրամադրուող գումարները ծնողները կրնան ստանալ համապատասխան կրթական հաստատութիւններէն:
2018-2019 ուսումնական տարին Արցախի Հանրապետութեան 217 դպրոցներու մէջ պիտի հնչէ «Առաջին զանգ»-ի արարողութիւն: