Արցախի մէջ տնտեսական աճ գրանցուած է

Արցախի հանրապետութեան Ելեւմտական նախարարութիւնը ներկայացուցած է 2019 թուականի ընթացքին ԱՀ տարածք ներմուծուած եւ արտահանուած ապրանքանիւթական արժէքներու ամփոփ ցուցանիշները : Ըստ այդմ, 2019 թուականի ընթացքին ԱՀ տարածք ներմուծուած է 144.7 միլիառ դրամ գումարի չափով ապրանք, որ շուրջ 19.1 միլիառ դրամով կամ 15,2 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը: 2019 թուականին արտահանուած են 122.8 միլիառ դրամ գումարի չափով ապրանքանիւթական արժէք` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 102.6 միլիառ դրամի դիմաց կամ ցուցանիշն աւելի է 19,6 տոկոսով:
Ըստ մասնաբաժիններու գերակշռած են Վարդենիս-Մարտակերտ եւ Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհահատուածներով կատարուող ներմուծումներն ու արտահանումները: Մասնաւորապէս, նշուած ճանապարհահատուածներուն տեղակայուած հսկիչ կէտերուն վրայ արձանագրուած տուեալներու համաձայն, 2019 թուականի ընթացքին Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհահատուածով ներմուծումները կազմած են ընդհանուր ներմուծումներու 64,3%-ը, Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհահատուածով` 35,2%-ը: Արտահանումները Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհահատուածով կազմած է 76,2% , իսկ Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհահատուածով՝ 22,6%: