Արցախի մէջ նոր «քորոնա» ժահրի 40 փորձանմուշ եղած է, բոլորի պատասխանները բացասական են

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար, նոր «քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նախագահ Գրիգորի Մարտիրոսեանը երէկ ԱՀ առողջապահութեան նախարար Արայիկ Բաղրեանի հետ քննարկած է հիւանդութեան կանխարգելման ուղղութեամբ իրականացուցած աշխատանքները եւ յետագայ ընելիքները:
Պետական նախարարը հետաքրքրուած է վարակի կանխարգելման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներու ընթացքով, նիւթական եւ սպասարկման միջոցներու համալրման աստիճանով:
ԱՀ պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի փոխանցմամբ, Ա. Բաղրեանի ներկայացուցած տուեալներու համաձայն՝ առ այսօր հանրապետութեան մէջ նոր «քորոնա» ժահրի վարակման դէպք չէ արձանագրուած:
«Մինչ այսօր շուրջ 40 փորձանմուշ ուղարկուած ՀՀ՝ հետազօտութեան, որոնց բոլորի պատասխանները բացասական են: Տեղեկացնեմ նաեւ, որ նոր «քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլող աշխատանքներու շրջածիրէն ներս կը կազմակերպուին քննարկումներ՝ մշտապէս կապի մէջ ըլլալով ՀՀ գործընկերներու հետ: Իրականացուած համալիր միջոցառումներու շրջածիրէն ներս՝ բոլոր բժշկական հիմնարկները համալրուած են թէ՛ միանուագ օգտագործման պարագաներով, եւ թէ՛ ախտահանիչ նիւթերով, ինչպէս նաեւ լազերային հեռահար ջերմաչափերով: ԱՀ երկու անցակէտեր եւս համալրուած են լազերային հեռահար ջերմաչափերով»,- իր խօսքին մէջ նշած է առողջապահութեան նախարարը:
Պետական նախարարը նշած է, որ աւելի վաղ կառավարութիւնը տեղական երկու ընկերութեան հետ ձեռք բերած էր պայմանաւորուածութիւն, համաձայն որու, անհրաժեշտութեան պարագային կ'արտադրուին պաշտպանիչ դիմակներ, որոնք, առողջապահութեան նախարարի գնահատմամբ, կը համապատասխանեն սահմանուած բժշկական չափանիշերուն եւ բաշխուածութեան ցուցակներով կը տրամադրուին լրացուցիչ օգտագործման համար:
Խօսելով հանրապետութեան մէջ սուր շնչառական վարակներու մասին՝ Ա. Բաղրեանը փաստած է, որ հանրապետութեան բոլոր բժշկական հիմանրկներուն մէջ վերոյիշեալ հիւանդներու դիմելիութեան աստիճանը նուազած է, որ նկատելի է նաեւ նախադպրոցական եւ հանրակրթական հաստատութիւններու մէջ իրականացուած մշտադիտարկումներու շնորհիւ:
Հանդիպման աւարտին Գ. Մարտիրոսեանը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ ԱՀ քաղաքացիները յորդորելով խուսափիլ արտասահմանեան այցելութիւններէ, գործուղումներէ, բացառութեամբ խիստ անհրաժեշտ դէպքերու: