Արցախի մէջ նախագահի եւ Ազգային ժողովի համապետական ընտրութիւններ են. բացուած են տեղամասերը

2020-03-31
Image

Այսօր Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններ են: Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունի 103 հազար 663 քաղաքացի:

 «Արցախբրես»-ի հաղորդմամբ` ներկայացնելով ընթացիկ իրավիճակը` Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան ըսած է, որ, ընդհանուր առմամբ, ձեւաւորուած են 282 ընտրատեղամասեր: Ժամը 9:00-ին բացուած են 281 տեղամասերը, որոնց մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող Երեւան 1 տեղամասը, ուր պիտի քուէարկեն այնտեղ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիները:

Ս. Արզումանեանի խօսքով` Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ քուէարկութեան սկիզբը պիտի տրուի ժամը 11:00-ին:

«Ժամը 12:00-էն սկսած` ընտրութիւններու ընթացքի եւ քուէարկողներու մասնակցութեան մասին մենք երեքժամեայ պարբերականութեամբ պիտի ներկայացնենք տուեալներ: Բոլորին կոչ կ՛ընեմ աշխուժօրէն մասնակցելու ընտրութիւններուն, կատարելու մեր քաղաքացիական պարտքը առողջ եւ անվտանգ պայմաններու մէջ»,- նշած է Արզումանեան:

 Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի համապետական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու եւ ընտրութիւններուն ընթացքը լուսաբանելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին մօտ հաւատարմագրուած են 963 դիտորդներ եւ լրատուամիջոցներու 231 ներկայացուցիչներ:

Արզումանեան, երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ դիտել տուած էր, թէ «Քորոնա» ժահրի համավարակին յառաջացուցած կացութեան լոյսին տակ, առաջին անգամ ըլլալով Արցախի ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու եւ ընտրութիւնները լուսաբանելու կարելիութիւն պիտի չունենան միջազգային կազմակերպութիւններու եւ օտար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները՝ շուրջ 200 անձեր։

Ըստ Արզումանեանի՝ ընտրութիւններուն մասնակցող բոլոր քաղաքացիներուն, դիտորդներուն, լրագրողներուն եւ ընտրական տեղամասերուն մէջ ներկայ գտնուող այլ անձերու պիտի բաժնուին բժշկական անհատական պաշտպանիչ միջոցներ` պայմանաւորուած «Քորոնա» ժահրի համավարակի տարածումով:

Ընտրական գործընթացի բոլոր մասնակիցներուն պիտի բաժանուին անհատական պաշտպանիչ միջոցներ` մէկանգամեայ օգտագործման ձեռնոց, դիմակ, գրիչ, տեղամաս մտնողները պիտի ախտահանուին, պիտի հականեխուին նաեւ բոլոր ընտրական տեղամասերը։