Արցախի մէջ մեկնարկած է ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութիւնը. բացուած են տեղամասերը

Արցախի Հանրապետութեան մէջ մեկնարկած է նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութիւնը։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` 14 ապրիլին, ժամը 08:00-ի դրութեամբ բացուած են կազմաւորուած 282 ընտրական տեղամասեր, որոնցմէ 1-ը կը գտնուի Երեւանի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, մէկ տեղամաս ալ բացուած է Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ։
31 Մարտին կայացած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներով` Արցախի նախագահի պաշտօնը զբաղցնելու համար կը պայքարին երկրորդ փուլ անցած «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` 49,26% կողմ ձայնով եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը` 26,4% կողմ ձայնով։
Կը գործէ 8 ընտրական յանձնաժողով՝ Ստեփանակերտ քաղաքի եւ Արցախի 7 շրջաններու մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան` 2020 թուականի 13 ապրիլի տուեալներուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընտրողներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ՝ 103.637, որոնցմէ 832 հոգի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Երեւան քաղաքի մէջ ձեւաւորուած ընտրական տեղամասին մէջ, իսկ 1270-ը՝ ընդգրկուած է լրացուցիչ ցուցակներու մէջ:
Նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեանը «Ֆեսյպուք»-ի իր էջին կոչ ըրած է արցախցիներուն չմասնակցելու 14 ապրիլին կայանալիք ընտրութիւններուն՝ հաշուի առնելով «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգը։
Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի առաջին դէպքը գրանցուած էր 7 ապրիլին Միրիկ գիւղին մէջ․ դէպքերու թիւը հասած է 6-ի: Միրիկ գիւղի բոլոր բնակիչներն ինքնամեկուսացուած են։ Մեկուսացուած է 12 անձ։ Ընդհանուր քննուած քաղաքացիներու թիւը 57 է։ Երկրին մէջ յայտարարուած է արտակարգ իրավիճակ։