Արցախի մէջ ընտրական արշաւը կը շարունակուի. Մասիս Մայիլեանն ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամները շարունակած են Ստեփանակերտի մէջ շրջայցը

2020-03-08
Image

8 Մարտ 2020-ին, նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեանն ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամները շարունակած են Ստեփանակերտի մէջ շրջայցը եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ հանդիպումներ ունեցած են Ստեփանակերտի բնակիչներու հետ:

Հանդիպումներու ժամանակ զարգացող զրոյցներու ընթացքին արցախցիներու մօտ հետզհետէ կ'ուրուագծուի Մայիլեանի եւ դաշինքի թեկնածուներու առաջարկած նոր մօտեցումները, նոր հայեացքը, նոր արժեհամակարգը եւ նոր համակարգը, որ իրականութիւն պիտի դառնայ Նոր Արցախի մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ռամկավար Մամուլ»ի Արցախի աղբիւրը, Մասիս Մայիլեանն ու «Նոր Արցախ» դաշինքը այս օրերուն հսկայական աշխատանք կը կատարեն։ Օրական կը շրջին քանի մը համայնքներով ու քաղաքներով, կը լսեն մարդոց խնդիրները, անոնց սպասումները։
 

 

5

 

4