Արցախի մէջ զինուոր մահացած է

2020-04-03
Image

3 Ապրիլին՝ ժամը 00:35-ի սահմանին, ՊԲ հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Գարեգին Կամոյի Բաբակեխեանը: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: