Արցախի մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է. ըստ հրամանագրի՝ ընտրութիւնները պիտի կայանան

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանն ուղերձով դիմած է քաղաքացիներուն եւ տեղեկացուցած, որ ստորագրած է հրամանագիր Արցախի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան տարածման կանխարգելման եւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սպառնալիքէն բնակչութեան պաշտպանութեան նպատակով արտակարգ իրավիճակ յայտարարելու մասին, կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն:
Նախքան այդ Սահակեանը կայացուցած է «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի ընդլայնուած նիստ:
Ան իր ուղերձին մէջ նշած է, որ արտակարգ իրավիճակ կը յայտարարուի 12 ապրիլէն` ժամը 22:00-էն սկսեալ մինչեւ 12 մայիս` ժամը 22:00-ը ներառեալ:
Արտակարգ իրավիճակի իրաւական ռեժիմն ապահովող ուժերու եւ միջոցներու միասնական ղեկավարումն իրականացնելու նպատակով ստեղծուած է պարէտատուն: Պարէտատան ղեկավար նշանակուած է պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը:
«Հրամանագրով սահմանուած են արտակարգ իրավիճակի ժամանակ կիրառուող միջոցառումները եւ իրաւունքներու ու ազատութիւններու ժամանակաւոր սահմանափակումները, արտակարգ իրավիճակի իրաւական ռեժիմն ապահովող ուժերն ու միջոցները», - նշած է Բակօ Սահակեանը:
Միաժամանակ ան յայտարարած է. - «Վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդի իմաստնութեան, կարգապահութեան եւ բարձր քաղաքացիական պատասխանատւութեան շնորհիւ կը կարողանանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, արդիւնաւէտօրէն լուծել ծագող խնդիրները եւ միաժամանակ օրէնքով սահմանուած կարգով իրականացնել մեր երկրի համար այս կարեւորագոյն համապետական միջոցառումը, ինչպիսին է Արցախի նախագահի ընտրութիւնը՝ ձեռնարկելով անհրաժեշտ միջոցներ բնակչութեան առողջութեան պահպանման ուղղութեամբ:
Ընտրութիւններու կայացման օրը բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ պիտի ձեռնարկուին առողջապահական եւ մաքրութեան խստագոյն միջոցներ: Պէտք է ընենք հնարաւորը, որպէսզի կանխարգիլենք եւ չէզոքացնենք բոլոր բացասական հետեւանքները: Մենք կ'ընենք մեզմէ կախուած ամէն ինչ, որպէսզի ամենայն պատասխանատւութեամբ անցընենք այս կարեւորագոյն շրջանը եւս»:
Նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը նշանակուած է 14 ապրիլին: