Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 6-ի

2020-04-13
Image

Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 6-ի։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախ տեղեկատուական շտապը։

«Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ երէկ թեստաւորուած 9 քաղաքացիներէն մէկուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ: Վերջինս Քարվաճառի մէջ վարակուած քաղաքացիի կինն է, որ մինչ այս պահը ինքնամեկուսացուած էր: Քննութեան դրական պատասխանէն ետք քաղաքացին մեկուսացուած է Շահումեանի շրջանի Քարվաճառի շրջանային բուժմիաւորումին մէջ:

Քարվաճառի վարակուած երկրորդ դէպքով անձի շրջանակը ճշդուած է, անոր առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար. «Քորոնա» ժահրային վարակին բնորոշ ախտանիշներ չունի:

Քաշաթաղի բուժմիաւորումին մէջ երէկ մեկուսացուած են Միրիկ համայնքէն եւս երկու քաղաքացիներ, որոնք այդ համայնքին մէջ վարակուած քաղաքացիի շփման առաջին շրջանակից էին:

Այս պահուն մեկուսացուած քաղաքացիներու թիւը 12 է, որոնց շարքին՝ 4 վարակակիրները»: