Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի եւս 2 դէպք հաստատուած է

Արցախի Հանրապետութեան մէջ եւս երկու անձի մօտ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութեան պատասխանը եղած է դրական. դէպքերու թիւը հասած է 3-ի: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը:
«Այսօր քննուած երեք քաղաքացիներէն երկուքի արդիւնքը եղած է դրական: Անոնցմէ մէկը 7 ապրիլին հաստատուած վարակակիրի հարսն է, որ 2 ապրիլէն արդէն ինքնամեկուսացուած էր: Երկրորդը ՀՀ-էն Արցախ մուտք գործած ՀՀ քաղաքացի է, որուն անհատական քարտի լրացման ժամանակ պարզուած է, որ եկած է ռիսքային բնակավայրէ:
Այդ քաղաքացին եւս, մինչ քննութիւնը գտնուած է ինքնամեկուսացման մէջ, եւ առաջիկային անոր պիտի տեղափոխեն Հայաստանի Հանրապետութիւն»,-յայտնած են նախարարութենէն:
Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ հաստատուած «Քորոնա» ժահրի վարակով երկրորդ անձը, ունենալով Մոշաթաղ համայնքի գրանցում, 31 մարտին կայացած ընտրութիւններու օրը քուէարկած էր Միրիկի հարեւան Մոշաթաղ համայնքին մէջ, այստեղ արդէն քանի մը օր է ուժեղացուած ծառայութիւն կ'իրականացնեն ԱՀ ԱՆ «Համաճարակաբանութեան եւ մաքրութեան կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի Քաշաթաղի շրջանային բաժնի մասնագէտները, իսկ գիւղի բնակիչները պատասխանատուներու յորդորով ինքնամեկուսացուած էին իրենց առանձնատուներուն մէջ:
Իրականացուող աշխատանքներու մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդուին աւելի ուշ»:
Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի առաջին դէպքը գրանցուած էր 7 ապրիլին: