Արցախի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներ չկան

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ առայսօր հանրապետութեան մէջ «քորոնա» ժահրային վարակի (COVID-19) դէպք չէ գրանցուած:
Նոր «քորոնա» ժահրային վարակի կասկածով նախորդ օրը Հայաստանի Հանրապետութիւն ուղարկուած քաղաքացիներու փորձանմուշներու տարրալուծարանային հետազօտութեան արդիւնքները բացասական են:
Կեղծ եւ չստուգուած լուրերէն խուսափելու համար, կրկին կոչ կ'ընենք հետեւիլ պաշտօնական լրահոսին՝ պահպանելով «քորոնա» ժահրային վարակի տարածումը կանխարգիլող՝ ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ առաջարկուող միջոցները։