Արցախի «Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ յարձակողական թեմայով մարտավարական զօրավարժութիւն իրականացած է

2020-06-08
Image

Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ գործող միաւորումներէն մէկուն մէջ ընթացող տեսչական ստուգումներուն ծիրէն ներս՝ առանձին զրահահրասայլային զօրամասերէն մէկուն հետ՝ իրականացած է գումարտակային մարտավարական զօրավարժութիւն, որուն մարտական հրաձգութեան փուլը խաղարկուած է 7 յունիսին, բանակի «Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:

Յարձակողական թեմայով իրականացած մարտավարական զօրավարժութիւններուն ընթացքին խաղարկուած են ռազմական իրադրութեան առկայ եւ հաւանական զարգացումներու բնոյթէն բխող տարբեր մարտավարական դրուագներ, որոնց կը հետեւէին ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան պետ, զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեանը, ԱՀ պաշտպանութեան նախարար, ՊԲ հրամանատար, զօրավար-հրամանատար Ճալալ Յարութիւնեանը, բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնեաներ:

Մարտավարական զօրավարժութիւններուն ողջ ընթացքին մասնակից անձնակազմը ցուցաբերած է պատրաստուածութեան եւ կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակ, որուն շնորհիւ հնարաւոր դարձած է իրականացնել հրամանատարներուն կողմէ ընդունուած համապատասխան որոշումներն ու մտայղացումները, իսկ հրետանային ստորաբաժանումներուն հետ աշխոյժ փոխգործակցութեան ապահովման իբրեւ արդիւնք ստանալով համապատասխան կրակային աջակցութիւն խոցել պայմանական հակառակորդի թիրախները, ամբողջ ծաւալով իրագործել առաջադրուած մարտական խնդիրն ու զբաղցնել առաւել նպաստաւոր կրակային բնագիծեր:

Ընդհանուր առմամբ զօրավարժութեան ընթացքին ներգրաւուած ստորաբաժանումները գործած են ներդաշնակ ու փոխգործակցուած, իսկ մարտավարական գործողութիւնները ամբողջութեամբ կը համապատասխանէին զօրատեսակին առաջադրուած իրական մարտական խնդիրներուն ու հաւանական հակառակորդին կողմէ սպասուող մարտահրաւէրները չէզոքացնելու արդի պահանջներուն: