Արցախի  նախագահ Բակօ Սահակեանը ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները

2019-10-17
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը Հոկտեմբեր 16-ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (ՌԴ), Ստեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆերը (ԱՄՆ), ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփշիկը եւ անոնց ուղեկցող պաշտօնեաները:

Ինչպէս յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն, քննարկուած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, Արցախի ու Ատրպէյճանի սահմաններուն վրայ  տիրող իրավիճակին առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեանը վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջագիծէն ներս՝ վերստին շեշտելով բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման եւ հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն Արցախի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: