Արցախը ունի Պաշտպանութեան նոր նախարար. Զօր. Ջալալ Յարութիւնեան Արցախի ՊՆ նշանակուեցաւ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանն ստորագրած է հրամանագիր, համաձայն որու` զօրավար Կարէն Աբրահամեանն ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար–պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն:
Ինչպէս կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն, նախագահ Բակօ Սահակեանի ստորագրած մէկ այլ հրամանագրով՝ զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար–պաշտպանութեան բանակի հրամանատար՝ ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետի պաշտօնէն։