Արտակարգ դրութիւնը պիտի չերկարաձգուի. պիտի գործեն նոր սահմանափակումներ

Կառավարութեան այսօրուան նիստին արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը քննարկման ներկայացուցած է առողջապահութեան նախարարութեան հետ մշակած նախագիծերու փաթեթ, որուն մէջ կ'առաջարկուի չերկարաձգել արտակարգ դրութիւնը:
«Ինչպէս բազմիցս քննարկած ենք, հնարաւոր է իրավիճակ, երբ վարակի աճի ընթացքի նուազեցումը հնարաւորութիւն տայ իրաւաչափ նպատակին, այն է՝ համաճարակի դէմ պայքարելուն եւ քաղաքացիներու կեանքն ու առողջութիւնը պաշտպանելուն հասնիլ առանց արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի: Այս նկատառումներով ալ մշակած ենք այս նախագիծերու փաթեթը»,-ըսած է նախարարը:
Նախարարի խօսքով, օրէնքներու փաթեթը ընդունուելու պարագային, 11 սեպտեմբերէն ետք արտակարգ դրութիւնը այլեւս պիտի չերկարաձգուի, ատոր փոխարէն պիտի գործեն նոր փոփոխութիւններով սահմանուած սահմանափակումները: