Արսէն Թորոսեան չի բացառեր, որ Մայիսի վերջաւորութեան վարակակիրներու թիւը հասնի 10 հազարի

Հայաստան մէկ օրուայ մէջ «Քորոնա» ժահրի 112 նոր դէպք արձանագրուած է, վարակը խլած է եւս 1 մարդու կեանք, բուժուած է 40 հիւանդ։
Ինչպէս տեղեկացուց Առողջապահութեան նախարարը, վարակի օճախները բազմաթիւ են, ինչ որ կը նշանակէ, որ բոլորը պէտք է խստօրէն պահպանեն կանոնները։
Նախարարը ընդգծեց, որ մինչեւ Մայիսի վերջաւորութեան, հնարաւոր է ունենանք 10 հազար վարակակիր, իսկ եթէ կանոնները չպահպանուին, ապա թիւերը աւելի կ'աճին.- «Տարբեր աղբիւրներ կան։ Հիմա կարող եմ մօտաւորապէս ասել․ 34-ը դրանք մեկուսացումից քաղաքացիներ են, 58-ը հաստատուած դէպքի հետ շփումներ են, բժշկական աշխատակիցներ ունենք էլի, յայտնի յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակիցներ եւ մի քանի գործող տնտեսվարող հաստատութիւնների աշխատակիցներ»։