Արսէն Թորոսեան․ «Հակահամաճարակային շարժումը դանդաղօրէն արդիւնք կու տայ»

«Հակահամաճարակային շարժումը դանդաղ արդիւնք է տալիս», - ֆէյսպուքեան գրառումով տեղեկացուցած է Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան եւ ներկայացուցած է աղիւսակ, COVID-19-ի կանխատեսուած ու իրական թիւերու վերաբերեալ. Յունիս 13-ին կը սպասուէր, որ հատէինք 20 հազար վարակակիրներու շեմը, մինչդեռ այսօր ունինք 18033 վարակակիր։
«Չնայած մեծ բացարձակ թուերին, վերջին 10 օրերի համաճարակաբանական միտումները աւելի դրական են, քան կանխատեսուած էր: Աճի ընթացքի նուազման նման միտումների պատճառը կարող է լինել միայն մեր վարքագիծը, հակահամաճարակային պարզ կանոնների պահպանումը», - գրած է նախարարը:
«Այս թուային փոփոխութեան արդիւնքում 60 մահ պակաս կ'արձանագրենք, քան կանխատեսուում էր, այսինքն՝ սրանով 60 մարդու կեանք է փրկուել», - վարչապետ Փաշինեանը աւելի ուշ դարձեալ ֆէյսպուքեան գրառումով շեշտած էր, աւելցնելով, որ վարակի դէպքպերը 3500-ով պակաս են կանխատեսուածէն, վերջին տասը օրերուն կանոնները պահպանող մարդոց շնորհիւ:
«Քորոնա» ժահրի 544 նոր դէպք գրանցուած է վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հետազօտուածներէն: Ընդհանուր առմամբ՝ Հայաստան արդէն 18033 մարդ COVID-19-ով վարակուած է, որոնցմէ ապաքինուած են 6714-ը, մահացած 302 քաղաքացի, որոցմէ 9-ը` վերջին մէկ օրուայ մէջ: Երէկ մահացածներուն ամենաերիտասարդը 42-ամեայ տղամարդ է: Եւս 3 քաղաքացի մահացած է այլ հիւանդութեան պատճառով, բայց նաեւ հաստատուած «Քորոնա» ժահր ունեցած է:
Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան վստահեցուց, որ ծանր վիճակով տունը գտնուող ու հիւանդանոց փոխադրուելու սպասող վարակակիրներ այս պահուն չկան: