Արսէն Թորոսեանը Օգոստոս 31-էն Սեպտեմբեր 18-ը պիտի ըլլայ արձակուրդի մէջ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանին արձակուդ տրամադրելու մասին որոշում ստորագրած է։ Այս մասին հրապարակուած է ՀՀ ելեկտրոնային կառավարման` e-gov.am կայքին մէջ։
Որոշման համաձայն, առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանին տրամադուած է 2018-2019 եւ 2019-2020 աշխատանքային տարուան նուազագոյն արձակուրդի չօգտագործուած մասը՝ 31 օգոստոս 2020-էն 18 սեպտեմբեր 2020-ը ներառեալ:
Արսէն Թորոսեանի արձակուրդի գտնուած ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարին պիտի փոխարինէ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարի առաջին տեղակալ Անահիտ Աւանէսեանը: