Արսէն Թորոսեանը «Քորոնա»ի քննութիւն յանձնած եւ ինքնամեկուսացած է

2020-05-14
Image

ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը «Քորոնա» ժահրի քննութիւն յանձնած է եւ ինքնամեկուսացուած: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը, նշելով, որ ճիշդ է այն լուրը, որ Թորոսեանը շփման մէջ եղած է վարակակիրի հետ շփման մէջ եղած անձի հետ:

«Լուրը ճիշդ է, ինքնամեկուսացուած է: Քննութիւն յանձնած է»,- ըսած է Նիկողոսեանը:

14 Մայիսին կառավարութեան նիստին ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը յայտնած է, որ ինքնամեկուսացուած է նաեւ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը: