Արմէն Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցած է Ապրիլեան ռազմական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած հերոսներու յիշատակին

2020-04-02
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, այսօր, այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: 

Նախագահին ուղեկցած են հայկական բանակի նախկին ժամկէտային զինծառայողներ՝ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի աշխատակիցներ Գոռ Դարմանեանը եւ Լիպարիտ Մելքոնեանը, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակից Արկադի Անդրէասեանը: Զինուած ուժերուն մէջ իրենց ծառայութեան ընթացքին անոնք ուշադրութիւն գրաւած են իրենց մարտական բարձր պատրաստականութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, վիրաւորուած մարտական գործողութիւններու ժամանակ: Անոնք աշխատանքի ընդունուած են «Հայրենիքի պաշտպան» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, որուն նպատակն է օժանդակել զինուորական ծառայութեան ընթացքին հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներուն, անոնց ապահովել աշխատանքով:

Նախագահ Սարգսեան եւ անոր ուղեկցող հայրենիքի պաշտպանները ծաղիկներ դրած են 2016թ. Ապրիլեան ռազմական գործողութիւններու ժամանակ իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու շիրիմներուն եւ յարգանքի տուրք մատուցած անոնց յիշատակին։