Արմէն Սարգսեանը վստահ է՝ Հայաստանէն Քաթար եւ հակառակ ուղղութեամբ զբօսաշրջութիւնը շատ արագ կը զարգանայ

2019-11-22
Image

«Այցը բաւականին խիտ էր։ Արդիւնքները շատ պարզ են․երկու կողմէն յայտարարուեցաւ մեր շատ մօտ յարաբերութիւններու մասին», - լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ, անդրադառնալով Քաթարի Պետութիւն այցի ընթացքին հանդիպումներուն եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, ըսած է պաշտօնական այցով այդ երկիրը գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը։

Ըստ անոր, պարզ արդիւնքն այն է, որ ՀՀ քաղաքացիներու համար չկան վիզաներ․ Հայաստանէն Քաթար եւ Քաթարէն Հայաստան զբօսաշրջութիւնը շատ արագ կը զարգանայ։ «Սա նաեւ դուռ պիտի բանայ, որ գործարարներն աւելի արագ ու հանգիստ գան Քաթար, տեսնեն հնարաւորութիւնները, որոնք բաւական մեծ են։ Եւ հակառակը՝ քաթարցիները գան Հայաստան, տեսնեն՝ ներդրումներ ընելու ինչ հնարաւորութիւններ կան»,- նկատած է ան։

Արմէն Սարգսեանն ըսած է, որ այս այցն ինչ-որ իմաստով նոր էջ կը բանայ Հայաստան-Քաթար յարաբերութիւններուն մէջ, որ ունի Քաթարի եւ անոր ղեկավարութեան աջակցութիւնը։ «Երեւան վերադառնալէ ետք ես կը քաջալերեմ, որ այս յարաբերութիւնները շատ աշխոյժ զարգանան»,-ըսած է նախագահը։