Արմէն Սարգսեանը շնորհաւորած է Բակօ Սահակեանը Արցախի Սահմանադրութեան օրուան առթիւ

2019-12-10
Image

Արցախի անկախութեան հանրաքուէի, Սահմանադրութեան օրուան առիթով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Մեծարգոյ պարոն նախագահ,

Կը շնորհաւորեմ Արցախի Հանրապետութեան մէջ նշուող եռատօնի՝ Արցախի անկախութեան հանրաքուէի, Սահմանադրութեան եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով:

Եթէ մայիսեան եռատօնը ռազմական յաղթանակներու ընդհանրացումն է՝ դեկտեմբերեան եռատօնը այդ յաղթանակներու իրաւական ձեւակերպումն է դեռ 1991 Դեկտեմբեր 10-էն սկսեալ: Անիկա կը վկայէ ինքնիշխան Արցախի մէջ անկախ պետականութեան կայացման եւ ժողովրդավարութեան գործընթացներու անշրջելիութեան մասին:

Արցախի անկախութեան հռչակումը համազգային երազանքի մէկ մասն էր, Արցախի Սահմանադրութեան ընդունումը՝ այդ երազանքի իրաւական ամրագրումը: Այսօր մեր հաւաքական կամքը ունի իրացման այլ ճակատ՝ ազատ ու անկախ Հայրենիքի՝ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացում եւ բարգաւաճում: Այդ ճանապարհը պիտի շարունակենք անցնիլ միասին, ձեռք ձեռքի տուած, քանի որ ատիկա յաջողութեան եւ յաղթանակի ուղին է։

Կը մաղթեմ Ձեզի եւ բոլոր արցախցիներուն խաղաղութիւն եւ ամենայն բարիք»,- նշուած է ՀՀ նախագահի ուղերձին մէջ: