Արթուր Մանուկեան երդում կատարեց եւ ստանձնեց պատգամաւորի պարտականութիւնները

«Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակի թեկնածու Արթուր Մանուկեանը երդման արարողութեամբ ստանձնած է պատգամաւորի պարտականութիւնները: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Մանուկեանը պատգամաւորի պարտականութիւնները ստանձնած է Ազգային ժողովի 16 սեպտեմբերի նիստին:
«Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ներկայացուցած է ԱԺ-ի պատգամաւոր ընտրուած եւ լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադրեցուցած պատգամաւորի մանտաթը յաջորդ թեկնածուին տրամադրելու մասին արձանագրութիւնը, ըստ որու՝ մանտաթը կը տրուի «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակի յաջորդ թեկնածու Արթուր Մանուկեանին»,-ներկայացուցած է ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը:
Արթուր Մանուկեանը համաձայն ԱԺ կանոնակարգ սահմանադրական օրէնքի՝ երդման արարողութեամբ ստանձնած է պատգամաւորի պարտականութիւնները:
Աւելի վաղ պատգամաւորական մանտաթը վար դրած էր «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Էտկար Առաքէլեանը: