Արթուր Ճաւատեան նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան

2020-06-17
Image

Հայաստանի կեդրոնական դրամատան նախկին նախագահ՝ Արթուր Ճաւատեան նշանակուած է յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան: Համապատասխան որոշումը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագած է 16 յունիսին, անիկա հրապարակուած է Կառավարութեան e-gov.am պաշտօնական կայքին վրայ:

Ճաւատեան Կեդրոնական դրամատան նախագահն էր 2008 թուականէն ի վեր եւ այս շաբաթ լրացաւ իր պաշտօնավարման ժամկէտը:

Կեդրոնական դրամատունը այժմ կը ղեկավարէ Մարտին Գալստեան, որուն ընտրած է Ազգային ժողովը երկու ամիս առաջ: