Արարատ Միրզոյեան ստորագրեց «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքը

ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեան ստորագրած է 30 Յունիսին ԱԺ-ի կողմէն ընդունուած «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքը։ Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է ԱԺ նախագահը։
Այժմ օրէնքը պէտք է հրապարակուի պաշտօնական տեղեկագրի մէջ եւ այդ պահէն մտնէ ուժի մէջ։
Յիշեցնենք, որ 30 Յունիսին հրաւիրուած էր Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ, որուն ընթացքին քննարկուած եւ ամբողջութեամբ ընդունուած էին «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները: ԱԺ ընդունած այս փոփոխութիւններով կը լուծուի բարձր դատարանի մէջ 12 տարի պաշտօնավարած Ալվինա Գիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի ու Հրանդ Նազարեանի կենսաթոշակի հարցը: Կ՝ամրագրուին նաեւ դատաւորներու թափուր տեղերը։ Ըստ այս փոփոխութեան, կ՝առաջարկուի ՍԴ դատաւորներու թափուր տեղերու առաջադրումներու հերթականութիւնը փոխել` առաջադրում կատարելու առաջին լիազօրութիւնը վերապահել Կառավարութեան, ապա հանրապետութեան նախագահին, այնուհետեւ Դատաւորներու ընդհանուր խորհուրդին:
Հանրապետութեան նախագահը օրէնքի ընդունումէն ետք՝ 21-օրեայ ժամկէտի ընթացքին՝ չէր ստորագրած զայն եւ չէր վիճարկած անոր սահմանադրականութիւնը, իսկ այդ ժամկէտի լրանալէն ետք՝ օրէնքի ստորագրման լիազօրութիւնը փոխանցուած էր ԱԺ նախագահին: