Արայիկ Յարութիւնեանի երդմանկալութեան արարողութիւնը՝ 21 մայիսին

2020-05-18
Image

Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնի ստանձնման նուիրուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստը տեղի պիտի ունենայ 21 մայիս 2020-ին` ժամը 18:00-ին, Շուշիի մշակոյթի եւ  երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ։ Այս մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը

Աշոտ Ղուլեանի յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Ղեկավարուելով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքի 45–րդ յօդուածով`  կը յայտարարեմ`

Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնի ստանձնման նուիրուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստը տեղի պիտի ունենայ 21 մայիս 2020-ին` ժամը 18:00-ին, Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճէն ներս»: