Ատրպէյճանի իշխանութիւնը սպառնալիք է տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար. Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

«Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ խաղաղութեան», - Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան հանդէս եկած է ատրպէյճանական իշխանական տարբեր օղակներու «ռազմատենչ յայտարարութիւններու առնչութեամբ» յայտարարութեամբ:
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Վերջին շրջանին Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ տարբեր գերատեսչութիւններու կողմէ կը կատարուին բովանդակային կառուցուածքէ զուրկ, ջղագարութիւն յիշեցնող հակահայկական մրցակցային յայտարարութիւններ: Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ գերազանցել իր նախկին հակահայկական յայտարարութիւնները, որ տասնամեակներու ընթացքին հետեւողական հակահայկական քարոզի պայմաններուն մէջ չիւրին գործ չէ»:
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակը նշած է, որ յատկանշական է, որ սեփական ժողովուրդի առջեւ ատելութիւն քարոզող եւ պատերազմի սպառնալիքներով հանդէս եկող Ատրպէյճանի բռնապետական իշխանութիւնները կ'օգտագործեն «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարը, իրենց երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներ կատարելու համար. իրողութիւն, զոր բարձրաձայնուած է շարք մը հեղինակաւոր միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու կողմէ:
«Այնուհանդերձ, որքան ալ որ հայերու դէմ ատելութեան քարոզը եւ պատերազմի սպառնալիքները միտուած ըլլան ներքին լսարանին, նման յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն խաղաղ գործընթացին եւ կը մատնանշեն, որ ոչ թէ Ատրպէյճանի ժողովուրդը, այլ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ խաղաղութեան», - ըսուած է մեկնաբանութեան մէջ:
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հակահայկական գործողութիւնները արդէն ստացած են իրենց իրաւական գնահատականը միջազգային ատեաններու կողմէ: Այսպէս, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) «Մակուչեանը եւ Մինասեանը ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիայի» գործով դատավճիռը դատապարտեց ատրպէյճանական պետութեան ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը, որ արտայայտուած էր մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներելու, ազատ արձակելու եւ պարգեւատրելու գործողութիւններով:
Հայատեացութիւնը որպէս ներքին համախմբման եւ իշխանութեան օրինաւորութեան հիմնական աղբիւր դիտարկող Ատրպէյճանի ներկայիս իշխանութիւնը սպառնալիք է ոչ միայն Արցախի, Հայաստանի եւ ողջ հայ ժողովուրդի, այլ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կ'ընդգծէ, որ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգային համակարգը բաւարար համալիր եւ կայուն է, արդիւնաւէտօրէն հասցէագրելու եւ հակադարձելու նման սպառնալիքներ: