Ատրպէյճանի ԶՈւ-ն կրակ բացած է Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղիի եւ Կոթի գիւղի ուղղութեամբ. Արծրուն Յովհաննիսեան

2019-12-18
Image

Երէկ ժամը 22:00-22:30-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակ բացած են Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղիի եւ Կոթի գիւղի ուղղութեամբ: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրառում կատարած է ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը։

«Այսօր ժամը 22:00-22:30-ի սահմաններուն Ատրպէյճանական Զինուած ուժերը կրակ բացած են Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղիի եւ Կոթի գիւղի ուղղութեամբ: ՀՀ Զինուած ուժերու պատասխան կրակէն ետք հակառակորդը դադրեցուցած է կրակը»,-ըսուած է գրառման մէջ:

Յովհաննիսեանը նշած է, որ ՀՀ Զինուած ուժերու կողմէ կորուստներ չկան:

«Ռեֆորմիսթներ» կուսակցութեան նախագահ Վահան Պապաեանն ալ իր ֆէյսպուքեան էջին գրառում կատարած է, որուն մէջ մասնաւորապէս նշած է, որ փակ է Երեւան-Վրաստան միջպետական ճանապարհի Բաղանիս-Ոսկեպար հատուածը:

«Զիս տեղեկացուցին, որ Հայ-ատրպէյճանական սահմանի Բաղանիս-Ոսկեպար-Ոսկեւան հատուածին մէջ հակառակորդը խախտած է հրադադարը։ Մօտ կէս ժամ է անդադար կը կրակեն։ Փակ է Երեւան֊Վրաստան միջպետական ճանապարհի Բաղանիս Ոսկեպար հատուածը: Մեքենաները շրջանցիկով կ'երթեւեկեն»,-ըսուած է գրառման մեջ։