Ատրպէյճանը կրակած է Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղի ուղղութեամբ. վնասուած են բնակելի տուներ

2020-05-14
Image

Ատրպէյճանական գնդակոծութենէն տուժած բնակելի տան մէջ երիտասարդ ընտանիք կը բնակի, մանկահասկ երեխաներով։ Այս մասին NEWS.am-ին պատմած է Բերքաբերի համայնքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահէ Ալիխանեանը։

«Երկու երեխայ ունին՝ 3 եւ 6 տարեկան, որոնք բակը կը խաղային այդ ժամանակ, մարդիկ բակը եղած են: Գնդակոծութեան ժամանակ ապահով սենեակ ունին, անկէ օգտուած են»,- նշած է գիւղապետի ԺՊ-ն։

Գնդակոծութեան հետեւանքով վնասուած է տան պատուհաններէն մէկուն ապակին եւ ներսի պատը։ Պատուհանի վերականգնման հարցը, Վահէ Ալիխանեանի խօսքով, դեռ չէ լուծուած։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան ֆէյսպուքեան իր էջին միջոցով յայտնած էր, որ 13 Մայիսին` ժամը 14:00-ին, ատրպէյճանական մարտական յենակէտերէն խոշոր տրամաչափի զէնքերէ կրակած են Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վնասուած են բնակելի տուներ:

«Հակառակորդին կրակէտերու ուղղութեամբ հայ դիրքապահներու ձեռնարկած համապատասխան գործողութիւններու արդիւնքով հակառակորդին լռեցուցած են: