Ատրպէյճանական զօրքերը կը մնան Քարագլուխի վրայ ամրացուած նոյն յենակէտերու մէջ. դիրքային որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած
Մարտ 29-30-ի լոյս գիշերը` մինչեւ առաւօտեան ժամը 10:00, Արցախի առաջնագծիի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած եւ մարտավարական իրադրութիւնը փոփոխութիւն չէ կրած` մնալով լարուած:
Ատրպէյճանական զօրքերը կը մնան Քարագլուխի վրայ ամրացուած նոյն յենակէտերու մէջ, եւ դիրքային որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած:
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ եւ դիւանագիտական տարբեր միջոցներով կը շարունակեն հետեւողական աշխատանքները` ուղղուած ատրպէյճանական զինուած ուժերը իրենց ելման դիրքեր վերադարձնելուն եւ ռազմաքաղաքական իրավիճակի կայունացման: Արցախի զինուած ուժերը զուգահեռաբար կ'իրականացնեն իրենց գործառոյթները` շարունակաբար բարելաւելով Հանրապետութեան պաշտպանական ամրութիւններն ու մեխանիզմները:
Իրավիճակի զարգացումներուն վերաբերեալ լրացուցիչ հրապարակումներով հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահուի: