Առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ խախտումները նկարելու եւ ոստիկանութեան փոխանցելու նախագիծը

2019-09-16
Image

ՀՀ Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունած է երթեւեկութեան կանոններու խախտումները նկարահանելու եւ յաւելուածի միջոցով ոստիկանութեան փոխանցելու օրէնքի նախագիծը: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` խորհրդարանէն ներս բուռն քննարկումներու արժանացած նախագիծը հեղինակած են «Իմ քայլը» խմբակցութեան» պատգամաւորներ Արմէն Փամբուխչեանն ու Սիսակ Գաբրիէլեանը:

«Ակնյայտ է, որ յեղափոխութենէն ետք քաղաքացիները այսօր, աւելի քան երբեւէ, պատրաստակամ են համագործակցելու իրաւապահ մարմիններու հետ: Շատ քաղաքացիներ ընկերային ցանցերու վրայ կը  տեղադրեն տարբեր իրաւախախտումներու տեսանիւթեր, լուսանկարներ, որոնց հիման վրայ մեծամասամբ վարչական վարոյթ կը յարուցուի: Այս նախագիծի նպատակն է այդ ողջ գործընթացը աւելի կարգաւորել: Կարճ ըսած, քաղաքացիներուն հնարաւորութիւն կը տրուի տեսանկարահանել ճանապարհային երթեւեկութեան խախտումները եւ առցանց (օնլայն) ռեժիմով փոխանցել ոստիկանութեան: Տեսանիւթը  արձանագրած քաղաքացիի տուեալները գաղտնի պիտի ըլլան»,-ըսած է  Գաբրիէլեանն ու աւելցուցած՝ տեսանիւթը ուղարկելէ ետք քաղաքացին այդ գործընթացին այլեւս դերակատարում պիտի չունենայ:

Ան նշեց՝ օնլայն ռեժիմը սահմանած են, որպէսզի ոստիկանութեան աշխատակիցը շատ յստակ իմանայ, որ այդ կատարուած է յստակ այսինչ օրն ու տեղը ՝GPS համակարգի միջոցով: Պիտի ստեղծուի յատուկ ելեկտրոնային յաւելուած: Այս ծրագրի համար նախատեսուած է 30-50 միլիոն դրամ՝ կախուած իր բազմագործառութենէն: Գաբրիէեանը նշած է, որ յաւելուածը օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ վթարներու պարագային մեքենայի տեղը GPS համակարգի միջոցով շուտ հասկնալու համար: