Ապրիլ 24-ին բոլորիս անունով 105,000 ծաղիկ պիտի դրուի Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին մօտ

Ապրիլ 24-ին կառավարութիւնը բոլորի անունով 105,000 ծաղիկ պիտի դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Ծիծեռնակարբերդի յուշահամալիրին մէջ: Այդ մասին ֆէյսպուքեան իր էջին կը տեղեցացնէ պարէտ Տիգրան Աւինեան:
Ան նշած է, որ ապրիլեան այս օրերուն ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու համար կիրառուող առողջապահական սահմանափակումները կը ստիպեն նոր միջոց գտնելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու համար:
«Այս տարի կը մնանք տունը եւ չենք այցելեր Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, բայց մեր խորհրդանշական ներկայութիւնը ապահովելու համար կը կատարենք հետեւեալ քայլերը:
23 Ապրիլին` ժամը 21:00, եկեղեցական զանգերու ղօղանջին տակ կը մարենք Երեւանի եւ մարզերու հրապարակներու, փողոցներու լոյսերը: Կոչ կ՛ընեմ մարել նաեւ Ձեր բնակարաններու լոյսերը ու պատուհանի մօտ միացնել հեռախօսներու լապտերներու լոյսը: Այս գործողութիւնը իր խորհրդանշական արձագանգը պիտի ստանայ Ծիծեռնակաբերդէն, որուն կրնաք հետեւիլ Հանրայինի ուղիղ եթերով կամ հայեացքները սեւռելով դէպի յուշահամալիր:
24 Ապրիլին մեր բոլորի անունով կառավարութիւնը 105 հազար ծաղիկ պիտի խոնարհէ յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ: Նոյն օրը ժամը 08:00-էն սկսած, քաղաքացիները կրնան հաղորդագրութիւն ուղարկել 1915 կարճ թիւին Հայաստանէն, եւ 0037433191500 թիւին արտասահմանէն` հաստատելու իրենց հեռակայ մասնակցութիւնը օրուան խորհուրդին: Հաղորդագրութիւն ուղարկած քաղաքացիներուն անունները պիտի արտացոլուին յուշահամալիրի սիւներուն», – գրած է ան:
Մինչեւ 25 Ապրիլ, ժամը 23:59 ներառեալ անվտանգութեան եւ կազմակերպչական նկատառումներէն մեկնած ոստիկանութիւնը պիտի փակէ դէպի Ծիծեռնակաբերդ տանող մուտքը: