Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հայկական կողմը ճիշդ չէ գնահատած ստեղծուած իրավիճակը. Վաղարշակ Յարութիւնեան

2016-ի ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովին խորհրդատւութիւն տրամադրող պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանը պնդած է՝ քառօրեայ պատերազմին հայկական կողմը ճիշդ չէ գնահատած ստեղծուած իրավիճակը, ինչի հետեւանքով թոյլ տրուած են բացթողումներ։ Յարութիւնեանի փոխանցմամբ՝ պէտք է ուսումնասիրուի, թէ ի՞նչ հանգամանքներու մէջ հայկական կողմը մարդկային կորուստներ ունեցած է, արդեօ՞ք ճիշդ որոշումներ ընդունուած են, թէ՞ ոչ:
«Թերութիւնները եղել են ե՛ւ թաքթիքական օղակում, ե՛ւ օփերաթիւ օղակում, ե՛ւ ռազմավարական, եւ այդ թերութիւնները տեղի են ունեցել այն բանի պատճառներով, որ ճիշդ չի գնահատուել իրավիճակը», - նշած է Վաղարշակ Յարութիւնեանը։
«Ազատութեան» հարցին, թէ, օրինակ, հետախուզութեան մէջ ունեցա՞ծ ենք բացթողումներ, Յարութիւնեանը պատասխանած է. «Չխորանամ, մինչեւ յանձնաժողովը չաւարտի աշխատանքները, հետախուզութեան մասով կ'ուսումնասիրուի ամէն ինչ եւ կը բացայայտուի՝ եղե՞լ է տեղեկատւութիւն, զեկուցուե՞լ է այն, որ զեկուցել են, ո՞ւմ են զեկուցել, եւ այդ օղակը ի՞նչ որոշում է ընդունել՝ ճի՞շտ, ժամանակի՞ն, թէ՞ ոչ։ Հիմնական խնդիրն այսօր դա է՝ բացայայտել, թէ ինչ տեղեկատւութիւն է եղել, ում են զեկուցել, եւ այդ օղակը ինչ որոշում է ընդունել»։
Վաղարշակ Յարութիւնեանը անընդունելի կը համարէ այն պնդումները, թէ ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող յանձնաժողովի նպատակը ինչ-որ մարդոց պատժելն է: Ըստ անոր, խորհրդարանական քննիչ յանձնաժողովը պէտք է վերհանէ 2016-ի քառօրեայ պատերազմի բոլոր թերութիւնները, որպէսզի ապագային սխալներու կրկնութիւն թոյլ չտրուի: Ի հարկէ, եթէ քննիչ յանձնաժողովի գործունէութեան արդիւնքով ի յայտ գան կոպիտ խախտումներ, որոնք յանգեցուցած են բազմաթիւ զոհերու, կ'ըլլան նաեւ մարդիկ, որոնք պատասխանատւութեան կ'ենթարկուին: