Ապրիլեան հանրաքուէն պիտի յետաձգուի. Վարչապետ

5 Ապրիլին նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն պիտի յետաձգուի: Այս մասին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Ազգային ժողովի յատուկ նիստին` ի պատասխան «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արուսեակ Ջուլհակեանի հարցումին:
Վարչապետը նշեց, որ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ կարելի չէ հանրաքուէ կատարել: Ան ըսաւ, որ արտակարգ դրութեան աւարտէն ոչ առաջ քան 50 օր եւ ոչ ուշ քան 60 օրուան ընթացքին պիտի կատարուի հանրաքուէ:
Այդ կը նշանակէ, որ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 24 յունիսէն մինչեւ 4 յուլիս երկարող ժամանակաշրջանին: