Աշոտ Ղուլեան նշանակուած է Արարատ Միրզոյեանի խորհրդական

2020-06-12
Image

ՀՀ ԱԺ նախագահի կարգադրութեամբ Աշոտ Ղուլեանը նշանակուած է ԱԺ նախագահի խորհրդականի պաշտօնին: Այս մասին կը յայտնէ ԱԺ լրատւութեան ծառայութիւնը:

ԱԺ նախագահ Արարարտ Միրզոյեանի կարգադրութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի 9-րդ յօդուածի 10-րդ մասով, Ազգային ժողովի խորհուրդի 2017 թուականի 12 յունիսի ԱԺԽՈ-006-Լ որոշմամբ հաստատուած 1-ին յաւելուածի 18-րդ կէտի 1-ին ենթակէտով եւ հիմք ընդունելով Ա. Ղուլեանի 2020 թուականի 10 յունիսի դիմումը` կը կարգադրեմ. 1. 2020 թուականի 10 յունիսէն Աշոտ ՂՈՒԼԵԱՆԸ նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական»։