Անվտանգութիւնը, բանակը բոլոր առաջնահերթութիւններու առաջնահերթութիւնն է. վարչապետ Փաշինեանն այցելած է ՊԲ հիւսիսային հատուածի սահմանապահ դիրքեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է պաշտպանական բանակի հիւսիսային հատուածի սահմանապահ դիրքեր: Վարչապետ Փաշինեանին եւ նախագահ Սահակեանին ուղեկցած են ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեանը եւ ԱՀ Պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Կարէն Աբրահամեանը:
Սահմանապահ դիրքերու վրայ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Բակօ Սահակեանին զեկուցած են առաջնագիծի առկայ վիճակի, սահմանապահ դիրքերու վրայ վերջին շրջանին իրականացուած ճարտարապետական, արհեստագիտական յագեցուածութեան ապահովման ուղղութեամբ կատարիուած աշխատանքներու մասին: ՀՀ վարչապետը եւ ԱՀ նախագահը ծանօթացած են զինծառայողներու կենցաղային պայմաններուն եւ զրուցած զինուորներու հետ: ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է զինուած ուժերու, ռազմարդիւնաբերութեան շարունակական զարգացումը եւ նշած, որ բանակը պէտք է դառնայ տնտեսութեան զարգացման օրինակը: Վարչապետը կարեւորած է զինուած ուժերու մէջ սնունդի նոր կարգի ներդրումը եւ նկատած, որ այն կրնայ խթանել նաեւ գիւղատնտեսութեան զարգացումը, քանի որ գիւղական մթերքը ձեռք պիտի բերուի ուղիղ գիւղացիէն:
Զինծառայողներու հետ հանդիպման Նիկոլ Փաշինեանը անդրադարձած է սահմանապահ դիրքեր այցելելու նպատակին, զինուած ուժերու զարգացման, զինծառայողներու միջեւ միջանձնային յարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերու:
Իր խօսքին մէջ վարչապետը, մասնաւորապէս, նշած է.
«Արցախի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ,
Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի յարգելի պետ,
Պաշտպանութեան բանակի յարգելի հրամանատար,
պարոնայք սպաներ, զօրավարներ, զինուորներ,
շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելու համար: Այսօր մեր շրջայցի նպատակն է պարզել` արդեօք զինուորներու կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան, թէ ոչ, ե՛ւ երկարաժամկէտ, ե՛ւ կարճաժամկէտ առումով: Այսինքն` կարճաժամկէտ առումով ի՞նչ տեղի ունեցած է եւ երկարաժամկէտ առումով ինչ պէտք է տեղի ունենայ: Եւ ի հարկէ, ամենակարեւոր նպատակը ձեզ տեսնելն է, ձեր աչքերը տեսնելը, փորձել կարդալ, թէ ձեր աչքերուն մէջ ի՞նչ գրուած է: Ուրախ եմ արձանագրել, որ ձեր աչքերուն մէջ ես վստահութիւն կը տեսնեմ ձեր սեփական ուժերու նկատմամբ, վստահութիւն կը տեսնեմ մեր հայրենիքի նկատմամբ եւ վստահութիւն կը տեսնեմ մեր ապագայի նկատմամբ:
Իհարկէ, ոմանց հայեացքի մէջ այն ուժեղ կ'երեւի, ոմանց հայեացքի մէջ՝ թոյլ, բայց մեր ընդհանուր նպատակը մեր հաւաքական վստահութիւնը առաջին հերթին իրար նկատմամբ, իւրաքանչիւրս մեր ուժերու նկատմամբ եւ մեր հաւաքական ուժի նկատմամբ բարձրացնելն է: Եւ ես կ'ուզեմ յոյս յայտնել, որ դուք մշտապէս կը զգաք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ոչ մէկ վայրկեան կը մոռանան սահմանը պահող զինուորի մասին:
Վերջերս Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս կոչումներ շնորհելու առիթ ունէինք` արձանագրումը հետեւեալն էր. այն, ինչ կը կատարուի թիկունքին, ցանկացած գործունէութիւն իմաստ ունի այնքանով, թէ ինչքանով սահմանը պահող մեր զինուորն ամուր է: Պինզեսը, քաղաքական գործունէութիւնը, կապ չունի` ընդդիմադիր թէ իշխանական, որեւէ գործունէութիւն կ'իմաստաւորուի բացառապէս ձեր շնորհիւ, որովհետեւ եթէ դուք, մենք, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերը պինդ կանգնած չըլլան բանակի թիկունքին` մնացած ամէն ինչը կ'ըլլայ անիմաստ, ամէն ինչը` սկսած սրճարաններէն, թատրոններէն, շարժանկարներէն, ինքնաշարժներէն, տաղաւարներէն, ժամանցէն, բացարձակ ամէն ինչը կ'ըլլայ անիմաստ:
Եւ ես կ'ուզեմ, որ այդ գիտակցումը ձեր մէջ ըլլայ, որովհետեւ երբեմն կրնայ հարց ծագիլ, թէ ինչո՞ւ մենք այստեղ կանգնած ենք: Դուք այստեղ կանգնած էք մեր ամբողջ պետութեան, ամբողջ ժողովուրդի կեանքը, գործունէութիւնը, ամէն օրը եւ ամէն պահը իմաստաւորուած դարձնելու համար, որովհետեւ եթէ դուք այստեղ չըլլաք, այնտեղ ոչ մէկ իմաստ կ'ունենար ընդհանրապէս որեւէ բան ընելը: Հետեւաբար, անձամբ ես, մեր կառավարութիւնը կ'ուզենք, որ դուք ամէն վայրկեան զգաք, թէ մենք ինչքան բարձր կը գնահատենք այն ծառայութիւնը, որ դուք կը կատարէք հայրենիքի առաջ:
Հայրենիքը մեր ունեցած ամենաբարձր զգացողութիւնն է, բայց ես կ'ուզեմ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրն աւելի յստակ ընկալէ ինչ է Հայրենիքը, աւելի ճիշդ, որոնք են Հայրենիքը, ով է Հայրենիքը: Հայրենիքը ձեր ծնողներն են, Հայրենիքը ձեր քոյրերն են, ձեր եղբայրներն են, ձեր հարազատներն են, Հայրենիքը ձեր սիրած աղջիկներն են, Հայրենիքը ընկերներն են, Հայրենիքը ձեր պապերն են, Հայրենիքը ձեր սերունդներն են, որոնք դեռ պիտի ծնին եւ որոնք պէտք է ապրին ազատ եւ երջանիկ երկրի մէջ: Եւ ես յոյս ունիմ, որ այդ հոգատարութիւնը, այդ մտահոգութիւնը, այդ նպատակը դուք կը զգաք:
Այժմ Զինուած ուժերուն մէջ տեղի կ'ունենան հսկայական փոփոխութիւններ: Ի հարկէ, այդ փոփոխութիւնները ձեզմէ մէկ մասը կը զգան շուտ, կապուած տեղակայման վայրէն, այլ հանգամանքներէ, բայց դուք մէկ բան պէտք է գիտնաք. սովորաբար ընդունուած է ըսել, որ անվտանգութիւնը, բանակը առաջնահերթութիւն է, բայց ես կ'ըսեմ, որ անվտանգութիւնը, բանակը բոլոր առաջնահերթութիւններու առաջնահերթութիւնն է: Նոյն իմ նշած առաջին պատճառով, որովհետեւ զինուած ուժերու մարտունակութենէն, ամրութենէն կախուած է ձեր թիկունքին տեղի ունեցող ամէն բան, ամէն բանի իմաստ ունենալը, հակառակ պարագային որեւէ բան իմաստ չունենար:
Պատկերացուցէք, միջավայրի մը մէջ, հնարաւոր է բնութեան մէջ ձեզմէ շատերու ընկերները, ծնողները որեւէ մէկու ծննդեան օրը կը նշեն` հանգիստ, ուրախ, իրար անեկդոտներ կը պատմեն, կ'երգեն, կը պարեն. այդ ձեր ծառայութեան շնորհիւ է, որովհետեւ եթէ այդ ծառայութիւնը չըլլար` այդ ամէնը չէր ըլլար, այդ ամէնը իմաստ չէր ունենար եւ այդ ամէնու տրամադրութիւնը չէր ըլլար ընդհանուր առմամբ: Եւ հիմա մեր նպատակն այն է, որ այս կապը, այս բովանդակութիւնը դուք զգաք. զգաք սպառազինութեան մակարդակի վրայ, զգաք ձեր հագած կօշիկով, զգաք ձեր հագած հագուստով, զգաք ձեզ տրամադրուող սնունդով, զգաք իրար նկատմամբ ձեր վերաբերմունքով, այստեղ արդէն կառավարութեան ընելիքն աւելի քիչ է, ձեր ընելիքը՝ աւելի շատ:
Սա մեր ամենակարեւոր խնդիրներէն մէկն է, այդ խնդիրը միայն բանակին մէջ չէ, այլ ընդհանրապէս մեր երկրին մէջ: Ինչպէ՞ս մենք իրար կը վերաբերինք` Հայրենիքը այդ է, Հայրենիքն այդտեղէն կը սկսի, որովհետեւ այնպէս, ինչպէս մենք իրար կը վերաբերինք, նոյն կերպ մենք մեր Հայրենիքին կը վերաբերինք, որովհետեւ Հայրենիքը նաեւ հող է, բայց հողը առանց մարդու Հայրենիք չէ, հողը մարդով Հայրենիք կը դառնայ: Հետեւաբար, մենք մեր Հայրենիքը կը սիրենք, մեր Հայրենիքին կը վերաբերինք այնպէս, ինչպէս մարդուն կը վերաբերինք: