Աննա Յակոբեանը դիմած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւն որպէս կամաւոր ներգրաւուելու համար

2020-03-18
Image

ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի մամուլի խօսնակ Յասմիկ Յարութիւնեանն արձագանգած է Յակոբեանի «քորոնա» ժահրի քննութեան վերաբերեալ համացանցի մէջ տարածուած մտահոգութիւններուն։

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Յարութիւնեանն այս մասին գրած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին։

«Համացանացի մէջ շրջանառուող մտահոգութեան առթիւ կը տեղեկացնեմ, որ ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը նոյնպէս 15 մարտի երեկոյեան անցած է «քորոնա» ժահրի քննութիւն, որուն արդիւնքը եղած է բացասական։ 16 Մարտէն Աննա Յակոբեանը Երեւան է»,- նշած է ան։

Յարութիւնեանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ «քորոնա» ժահրի տարածմամբ եւ ՀՀ-ի մէջ արտակարգ դրութեան հաստատմամբ պայմանաւորուած՝ Աննա Յակոբեանն անորոշ ժամանակով յետաձգած է բոլոր հանդիպումները։

«Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք, ‹‹Իմ քայլը›› հիմնադրամը կը դիտարկէ խոցելի վիճակի մէջ գտնուող տարեցներուն աջակցելու հնարաւորութիւնը։ Ներկայ դրութեամբ Հիմնադրամի աշխատակիցները կ'իրականացնեն խորհրդակցութիւններ, ուսումնասիրութիւններ՝ հասկնալու համար կարիքները․ ըստ այդմ կը յստակեցուին նաեւ յետագայ ընելիքները։ Որպէս Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ` Աննա Յակոբեանը տունէն պիտի համակարգէ այդ աշխատանքները»,- գրած է վարչապետի տիկնոջ մամուլի խօսնակը։

Ան յայտնած է, որ միաժամանակ, ստանձնելով ընկերային պատասխանատւութիւն, ՀՀ վարչապետի տիկինը երէկ առաւօտեան դիմած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւն՝ կամաւորական աշխատանքներուն ներգրաւուելու համար։