Անկեղծութիւնը երկուստեք էր, կամքն ու վճռականութիւնը՝ նոյնպէս. Մայիլեանի եւ «Նոր Արցախ» դաշինքի հանդիպումը նորագիւղցիներու հետ

2020-03-03
Image

2 Մարտ 2020-ին, Մասիս Մայիլեանն ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամները հանդիպած են Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքի բնակչութեան հետ։ Այս մասին կը տեղեկանանք Մասիս Մայիլեանի աջակիցներու ֆէյսպուքեան էջէն:

Յատկանշական է, որ Նորագիւղի բնակիչները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են մեծ թիւով թեկնածուներու եւ կուսակցութիւններու առիթով: Անոնք դժգոհած են, որ մինչ այսօր ոչ մէկ պատգամաւոր այցելած է համայնք եւ հետաքրքուած բնակչութեան վիճակով ու պահանջներով:

Նորագիւղի բնակիչները բարձր գնահատած են Մասիս Մայիլեանի ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամներու անկեղծութիւնը եւ փոխադարձ անկեղծութեան մթնոլորտի մէջ քննարկուած են ամենահրատապ հարցերը։

 

5