Անկախութեան տօնին առթիւ Փաշինեան շնորհաւորանք յղեց Ուքրանիոյ նախագահին

2019-08-24
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլատիմիր Զելենսքիին՝ Ուքրանիոյ Անկախութեան օրուան առթիւ։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, ուղերձին մէջ ըսուած է.

 «Մեծարգոյ պարոն նախագահ, 

Ընդունեցէք խնդրեմ ջերմ շնորհաւորանքներս ու անկեղծ բարեմաղթանքներս Ուքրանիոյ ազգային տօնի՝ Անկախութեան օրուան առթիւ: 

Համոզուած եմ, որ հետեւողական ջանքերու շնորհիւ կը յաջողիք իրա­գոր­ծել Ուքրանիոյ զարգացմանն ու հզօրացման ուղղուած բոլոր ծրագիրները։ 

Հայաստանի եւ  Ուքրանիոյ բարեկամական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է զգալի ներուժ, որու իրացումը կը բխի մեր ժողովուրդներու շահերէն։ Վստահ եմ, որ համատեղ ջանքերով մենք ի զօրու ենք նոր որակ հաղորդելու հայ-ուքրա­նա­կան բազմաոլորտ համագործակցութեան: Այս կապակցութեամբ կը կարեւորեմ նաեւ երկկողմ միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներու վերսկսումը։ 

Ուքրանիոյ մէջ բազմադարեայ մեծաթիւ հայ համայնքի եւ Հայաստանի մէջ կազ­մա­կերպուած ուքրանական համայնքի առկայութիւնն ու գործունէութիւնը լրա­ցուցիչ խթան կը հանդիսանան երկկողմ բարեկամական կապերու խորացման առընթեր։

Կը մաղթեմ Ձեզ, մեծարգոյ պարոն Զելենսքի, յաջողութիւններ բոլոր նա­խա­­­ձեռնութիւններուն մէջ ու ամենայն բարիք, իսկ Ուքրանիոյ բարեկամ ժո­ղովուրդին՝ խա­ղաղութիւն եւ բարօրութիւն»: