Անկախութեան տօնին առթիւ Մեծն Բրիտանիոյ թագուհին շնորհաւորանք յղեց նախագահ Արմէն Սարգսեանին

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան թագուհի, Նորին Մեծութիւն Եղիսապէթ Երկրորդը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Իմ շնորհաւորանքները կը յղեմ Ձերդ գերազանցութեան` Ազգային տօնին առթիւ եւ երջանկութեան ու բարօրութեան իմ ջերմ բարեմաղթանքները` Հայաստանի ժողովուրդին»: