Անխուսափելի է, ԱՄՆ-ն պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Նիկոլ Փաշինեանի հարցազրոյցը Fox LA-ին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վստահութիւն յայտնած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին Փաշինեան ըսած է Fox LA-ի թղթակից Էլեքս Մայքլսընի հետ զրոյցի ժամանակ:
«Անխուսափելի է: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ես վստահ չեմ, թէ ճիշդ երբ այդ կ'ըլլայ, բայց վստահ եմ, որ այն տեղի պիտի ունենայ»,- ըսած է վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ նշած է, որ Անկախութեան տօնը այս տարի կայացած է Գիւմրիի մէջ, քանի որ Գիւմրին 2-րդ քաղաքն է Հայաստանի մէջ մեծութեամբ, իր հնութեամբ ու գեղեցկութեամբ կ'առանձնանայ, եւ շատերը ոչ մէկ անգամ այցելած էին Գիւմրի:
Անդրադառնալով թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութեան՝ Փաշինեանը ընդգծած է, որ այն չէ եղած, որպէսզի ինքը վարչապետ դառնայ: ՀՀ վարչապետի խօսքով՝ տնտեսական առաջընթաց կայ երկրին մէջ, եւ այն աստիճանաբար կ'աճի ամէն ամիս: «Եւ ես հիմա վստահ եմ, որ մենք յաջողութեան պիտի հասնինք մեր տնտեսական յեղափոխութեան առումով»,-նկատած է ան:
Ան նաեւ ըսած է, որ կը ցանկայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող մարդոց աւելի շատ տեղեկացնել, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ:
«Ես կը ցանկամ Ամերիկայի մէջ աւելի մեծ թիւով մարդոց տեղեկացնել, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, որովհետեւ այդ ժողովրդավարութեան յաղթանակն է»,- ըսած է վարչապետը:
Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը 23 Սեպտեմբերին ելոյթ ունեցած է Լոս Անճելոսի Կրանտ Փարքին մէջ հրաւիրուած հանրահաւաքին: