Անդրանիկ Քոչարեանը իրաւապահներուն կոչ ըրած է երկիր վերադարձնել նախկին պաշտօնեաները

Ազգային Ժողովի յայտարարութիւններու ժամին «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանն իրաւասու մարմիններուն կոչ ըրած է քայլեր ձեռնարկել՝ Հայաստան վերադարձնելու երկրէն հեռացած եւ շարք մը քրէական գործերով անցնող նախկին պաշտօնեաները: Ան նշած է, որ խօսքը, մասնաւորապէս, Միքայէլ Յարութիւնեանի, Վահագն Յարութիւնեանի, Միհրան Պոօղոսեանի եւ Գէորգ Կոստանեանի մասին է: «Դժուար է ասել, թէ այս անուանացանկը դեռ ինչքան է համալրուելու, բայց մէկ բան պարզ է՝ այս նախկին պաշտօնեաները պէտք է հասկանան, որ ժամանակին նրանց կառավարմանն են յանձնուել բազմաթիւ կարեւոր կառոյցներ: Խօսքը յատկապէս ուժային կառոյցների նախկին ղեկավարներին է հասցէագրուած:
Խուսափելով ներկայանալ ու նախաքննական մարմնի հարցերին պատասխանել՝ այս անձինք ապացուցում են, որ ոչ միայն հենց իրենք են փչացրել իրենց իսկ կողմից գլխաւորած կառոյցները, այլեւ միաժամանակ ստուերում են նմանօրինակ պղտոր մթնոլորոտում ժամանակին բարեխղճօրէն իրենց ծառայութիւններն իրականացրած բազմաթիւ մասնագիտական քատրերի անցած ուղին:
Համապատասխան մարմինները պէտք է քայլեր ձեռնարկեն՝ օր առաջ նրանց տուն վերադարձնելու ուղղութեամբ, եթէ այս անձինք չունեն վերադառնալու կարեւորութիւնն ինքնուրոյն գիտակցելու կարողութիւն»,- ըսած է Քոչարեանը: Ան աւելցուցած է, որ այս մարդոց առնուազն կէսը չունին ՌԴ քաղաքացիութիւն, անոնցմէ ոմանք ընդամէնը ժամանակին կատարած են մէկ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեայի կողմէ տրուած իրաւական առումով խիստ կասկածելի հրամանները: