Այսօրուընէ սկսեալ դիմակ կրելը պարտադիր դարձաւ Հայաստանի մէջ

Փոխվարչապետ, պարէտ Տիգրան Աւինեանը իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
4 Յունիսէն ուժի մէջ կը մտնեն արտակարգ դրութեան ընթացքին կիրառուող կարգաւորումներուն մէջ որոշ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ։
Մասնաւորապէս՝
Այսուհետ, բոլոր հանրային բաց տարածքներուն մէջ դիմակ կրելը պարտադիր է՝ բացառութեամբ մինչեւ 6 տարեկան երեխաներու պարագային եւ ֆիզիքական վարժութիւններ կատարելու կամ հեծանիւ վարելու ժամանակ:
Մշակուած են առողջա-համաճարակային եւ անվտանգութեան կանոններ՝
Հիւրանոցներու համար,
Երկարատեւ խնամքի հաստատութիւններու համար,
Հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններու իրականացման համար: