Ամուլսարի հարց. Քննչականի ներկայացուցիչը կարեւորեց բնապահպանական պայմաններու ապահովումը

2019-08-26
Image

Ամուլսարի հանքավայրը շահագործող «Լիդիան Արմենիա» ընկերութիւնը եթէ  իրականացնէ 16 մեղմման միջոցները եւ լրացուցիչ միջոցառումները, ապա բնապահպանական ռիսքերը կը դառնան կառավարելի։ Այս մասին այսօր՝ 26 Օգոստոսին լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է  Ամուլսարի գործով քննչական խումբի ղեկավար Եուրա Իւանեանը։

Անդրադառնալով կենսաբազմազանութեան եւ օդի որակի կառավարման, Իւանեանը նշեց` փորձագէտները եկած են եզրայանգման, որ ազգային եւ  միջազգային կարգաւորումներու որեւէ խախտում չէ արձանագրուած։

«Այսինքն կենսաբազմազանգութեան վրայ ազդեցութիւնը գնահատուած է բաւարար, իսկ ինչ կը վերաբերի օդի որակի գնահատումին, ապա փորձագէտները չեն յայտնաբերած լուրջ խնդիրներ, որոնք հնարաւոր չեն մեղմել։ Այսինքն՝ օդի որակի մասով ծրագրի ազդեցութիւնը կառավարելի է, այն բոլոր մտահոգութիւնները, որ փոշին պիտի հասցնէ յարակից բնակավայրերուն, այդ թիւին՝ Ջերմուկ, հիմնաւորուած չեն»,– ըսաւ  Իւանեան  եւ ընդգծեց, որ եթէ «Լիդիան Արմենիան» իրականացնէ մեղմման միջոցները եւ լրացուցիչ միջոցառումները, ապա բնապահպանական ռիսքերը կ՛ըլլան կառավարելի։