Ամուլսարի խնդիրը դարձեալ քննարկման առարկայ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Ամուլսարի ծրագրի հետ կապուած իրավիճակի վերաբերեալ խորհրդակցութիւն։
Շրջակայ միջավայրի նախարար Էրիկ Գրիգորեանը ամփոփ ներկայացուցած է ընդհանուր վիճակը եւ նշած, որ շարք մը ուղղութիւններով ներկայացուած ելակէտային տուեալները ճշգրիտ չեն եղած:
Վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ խորհրդակցութեան ընթացքին արծարծուած են Ամուլսարի ծրագրի՝ Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան նոր գնահատում (ՇՄԱԳ) իրականացնելու ընթացակարգերուն վերաբերող հարցեր, անդրադարձ եղած է խնդրի իրաւական կողմերուն, բնապահպանական նոր գործօններու ի յայտ գալուն եւ այլն:
Վարչապետը, ամփոփելով քննարկումը, յանձնարարած է շահագրգիռ բոլոր գերատեսչութիւններուն եւ հիմնարկներուն համակարգուած աշխատիլ՝ համապարփակ վերլուծութիւն եւ նախաքննութեան համար լիարժէք տուեալներ ունենալու համար:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 30-ին կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած տեսահաղորդակցման ժամանակ «Էլարտ»-ի միջազգային խումբը յայտարարած էր, որ չի կրնար պատասխանել հարցին՝ անվտա՞նգ է արդեօք Ամուլսարի հանքի շահագործումը, քանի որ «Լիտիան»-ի ուսումնասիրութիւններն ու շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատումը (ՇՄԱԳ) թերի են, ոչ ամբողջական ու անվստահելի: Հանդիպումը եզրափակուած էր՝ Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան արձագանգին սպասելու որոշմամբ, թէ արդեօ՞ք նոր գնահատման կարիք կայ։