ԱՄՆ Սենատի բանաձեւը արդարութեան եւ ճշմարտութեան յաղթանակն է․ Փաշինեան

2019-12-13
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մեկնաբանած է ԱՄՆ Ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը։

«ԱՄՆ Սենաթի 1-50 բանաձեւը արդարութեան եւ ճշմարտութեան յաղթանակն է։ Ամբողջ աշխարհի հայ ժողովուրդի անունով ես խոր երխտագիտութիւն կը յայտնեմ Սենաթին այս նշանակալի օրէնքի համար։

Սա յիշատակի տուրք է 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերուն եւ համարձակ քայլ ցեղասպանութեան կանխման ծրագրի առաջընթացին։ #Այլեւս երբե՛ք»,- գրած է անTwitter-ի էջին։