Ալեն Սիմոնեանի կարծիքով Տէր Պետրոսեանի յօդուածէն ետք ալ կառավարութեան դէմ գրոհները պիտի շարունակուին

2020-04-09
Image

Երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու գրասենեակներէն դեռ չեն արձագանգած Տէր Պետրոսեանի յօդուածին:

«Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի փոխ խօսնակ Ալեն Սիմոնեան ըսած է, որ չի կարծեր, թէ  լրատուամիջոցներու յարձակումները կը դադրին:

«Ես մեծ կասկածներ ունիմ, որովհետեւ այդ Ձեր նշած մարդիկ, որոնք զբաղցուցած են, գրաւած են նախագահի պաշտօնը 2 տասնամեակ, հնարաւորութիւն ունեցած են պետականամէտ եւ հայաստանանպաստ շատ ու շատ որոշումներ կայացնելու եւ չեն կայացուցած: Իսկ այսօր կը կարծեմ` իրենց համար սա միակ հնարաւոր տեղն է, ուր իրենք կրնան ինչ-որ ձեւով փորձել օրակարգ պարտադրել, որ կ'ընեն նիւթականին հաշուոյն, եւ չեմ գիտեր, ատոր արդիւնաւէտութիւնը, թերեւս իրենք կ'իմանան:

Նախագահ Տէր Պետրոսեանը գիտէ, թէ ինչ է կառավարել երկիրը ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ, եւ կը կարծեմ` այն մթնոլորտն ու այն ամէնը, ինչ այսօր մետիադաշտի մէջ կը կատարուի, իր հետքը ձգած է եւ ստիպած է առաջին նախագահին նման յայտարարութիւն ընել: Ես կը գտնեմ, որ այն բոլոր քննադատութիւնները, որոնք կրնան ըլլալ եւ կան, մենք կրնանք քննարկել միասին եւ այդ կրնանք ընել նաեւ այս համաճարակը յաղթահարելէ ետք, որովհետեւ համաճարակը պիտի չհարցնէ քաղաքական որեւէ նախասիրութեան մասին, ուստի կը հասկնամ այն մտահոգութիւնը եւ կը հասկնամ, թէ ինչ նկատի ունի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը»,- ըսած է Ազգային Ժողովի  փոխ նախագահը:

Յիշեցնենք, որ օրերս ՀՀ առաջին նախագահ, Հայ ազգային Քոնկրեսի ղեկավար՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան յօդուած մը հրապարակած էր, ուր նշած էր, որ համավարակի պատճառով Հայաստան այսօր յայտնուած է պատերազմական իրավիճակի մէջ, ընդ որում շատ աւելի ծանր ու վտանգաւոր, քան աւանդական պատերազմներու ժամանակ։ 

«Իմ տպաւորութեամբ, Հայաստանի իշխանութիւնները, գուցէ եւ ինչ-որ սխալներով ու բացթողումներով հանդերձ (չսխալուող իշխանութիւն չկայ), պատասխանատուութեամբ են վերաբերուում իրենց պարտականութիւններին, հիմնականում կատարելով իրավիճակից բխող բոլոր անհրաժեշտ ու հնարաւոր քայլերը։ Դատելով հասարակութեան արձագանգներից, ընդհանուր առմամբ, դրական է գնահատուում բուժաշխատողների, ոստիկանութեան, ԱԻՆ-ի (Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն) գործունէութիւնը, անարդարացիօրէն թերանալով, սակայն, ընդգծել վերջիններիս աշխատանքը համակարգող պաշտօնատար անձանց՝ Արտակարգ դրութեան պարէտի եւ առողջապահութեան նախարարի կարեւոր դերակատարութիւնը։

Սակայն մինչ իշխանութիւններն զբաղուած են գրեթէ շուրջօրեայ տքնաջան աշխատանքով, չգնահատուած հանճարների, սադրիչների ու չարակամների մի հսկայական բանակ, յայտնի ուժերի վերահսկողութեան տակ գտնուող անթիւ լրատուամիջոցներով ու հարիւրաւոր ֆեյքերով, փաստօրէն պատերազմի երկրորդ ճակատ է բացել նրանց դէմ »,- նշած է առաջին նախագահը։

Ըստ առաջին նախագահին,  առերեւոյթ օգտակար խորհուրդներու եւ կառուցողական առաջարկներու շղարշի ներքոյ այնպիսի ատելութիւն ու թշնամանք կը սերմանուի իշխանութիւններու հանդէպ, որ լրջագոյն կասկած կ'առաջացնէ անոնց հեղինակներու «բարեկամեցողութեան» նկատմամբ։