ԱԺ-ն 87 կողմ քուէով համաձայնութիւն տուաւ Գագիկ Ծառուկեանը ազատութենէն զրկելուն

ԱԺ-ն հաւանութիւն տուաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորելու վերաբերեալ գլխաւոր դատախազի միջնորդութեան։
«Իմ քայլը» խմբակցութեան 87 պատգամաւոր կողմ քուէարկած է միջնորդութեան։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ԱԺ-ն համաձայնութիւն տուած էր Գագիկ Ծառուկեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու միջնորդութեան։
ԱԺ ընդդիմադիր երկու ուժերը՝ ԼՀԿ-ն եւ ԲՀԿ-ն այս քուէարկութիւններուն չեն մասնակցած։