ԱԺ-ն առաջին ընթերցմամբ ընդունեց ՍԴ նախագահը եւ դատաւորները փոխարինելու նախագիծը

Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան խումբ մը պատգամաւորներու կողմէ ներկայացուած Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը, որով կ'առաջարկուի փոխարինել Սահմանադրական դատարանի նախագահը եւ ընդհանուր տեւողութեամբ ոչ պակաս, քան 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամները (դատաւորները):
Օրէնքի նախագիծը ընդունուած է միաձայն՝ 89 «կողմ» ձայնով:
Խորհրդարանի նիստին կը մասնակցէր միայն «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ պիտի չմասնակցին Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին: