Ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները Հայաստանի մէջ հանուած են. ինչ կանոններ պէտք է պահել

Հայաստանի մէջ այսօրուընէ՝ 4 մայիսէն սկսած տեղաշարժման թերթիկներ լրացնելու անհրաժեշտութիւն այլեւս չկայ. պարէտի որոշմամբ, սակայն, դեռ կը գործէ հանրային փոխադրամիջոցներու արգելքը:
Այս սահմանափակումը դեռ պիտի գործէ՝ նկատի ունենալով համավարակի տարածման հետ կապուած հասարակական փոխադրամիջոցներու բարձր վտանգը: Պիտի գործեն միայն թաքսիները։
Հանուած են նաեւ տնտեսական գործունէութեան գրեթէ բոլոր տեսակներու վերաբերեալ սահմանափակումները: 4 Մայիսէն կը գործեն բացօթեայ ճաշարանները, սրճարանները: Անհատական ծառայութիւնները, որոնց շարքին լուացման, մաքրման եւ չոր մաքրման ծառայութիւնները, վարսաւիրանոցները եւ գեղեցկութեան սրահներու գործունէութիւնը նոյնպէս թոյլատրուած են:
Բացուած է մշակող արդիւնաբերութիւնը՝ բոլոր գործունէութեան տեսակներով: Բուսաբանական եւ կենդանաբանական այգիները եւ բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքները նոյնպէս բացուած են:
Մարզական կառոյցներու գործունէութիւնը թոյլատրուած է՝ բացառապէս մասնագէտ մարզիկներու մասնակցութեամբ՝ մարզական միջոցառումներու իրականացման համար:
Սահմանափակումներու վերացմամբ, սակայն, կ'ակնկալուի աւելի խիստ վերահսկողութիւն:
Հայաստանի մէջ տնտեսական գործունէութեան տեսակներու, ազատ տեղաշարժի սահմանափակումներու վերացման զուգահեռ քանի մը ուղղութիւններով մշակուած են ուղեցոյցներ, թէ աշխատավայրերու մէջ ինչպիսի կանոններ պէտք է գործեն: Անոնք կ'օգնեն գործատուներուն աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպելու կանխարգելիչ աշխատանքները:
Կանոններն ու ուղեցոյցները հրապարակուած են կառավարութեան կայքէջին, նաեւ Covid19.gov.am կայքին մէջ: Սկզբունքները նոյնն են բոլոր տեսակի գործունէութիւններու համար՝ աշխատողներու միջեւ, յաճախորդներու հետ շփուելու ժամանակ ապահովել ընկերային հեռաւորութիւն, մաքրութեան տարբեր միջոցառումներու իրականացում՝ ախտահանումներ, օդափոխութիւն, ձեռքերու յաճախակի լուացում:
Այն պարագաներուն, երբ աշխատողները կամ յաճախորդները կ'ունենան ջերմութիւն, պէտք է անպայման լքեն աշխատավայրը եւ դիմեն բժիշկի: Միւս կարեւոր միջոցառումներու շարքին է խոցելի խումբերու՝ 65 տարեկան եւ բարձր անձանց, ինչպէս նաեւ քրոնիկ հիւանդութիւններով տառապող անձանց հեռահար աշխատանքներու կազմակերպումը՝ հնարաւորութեան պարագային: Տնտեսական գործունէութեամբ զբաղուող կազմակերպութիւնները պէտք է աշխատին բացառել ժողովները կամ փոքրաթիւ անձանցով կայացնել՝ նոյնպէս ապահովելով ընկերային հեռաւորութիւնը: Գործող բացօթեայ սրճարաններուն, ճաշարաններուն մատուցողները պէտք է կրեն պաշտպանիչ դիմակ, ձեռնոց: